
(Ըստ Անգարայի Առաջադրանքին) Փութին- Ռուհանի, Փութին- Ալիեւ, Փութին- Էրտողան, Փութին- Սարգսեան անմիջական ժամանակի միջեւ իրար յաջորդող հանդիպումներուն ընդհանուր անունը ինչպէս կը նկատուի Փութինն է: Ասիկա անշուշտ պարզացուած տեսողականութեան արագ նկատումի խաղ չէ եւ կը յուշէ, որ գլխաւոր խաղացողը, հարցերը համադրողը, հրաւիրուող – հրաւիրողը Ռուսիան է, որ յստակ ճիգի մէջ է տարածաշրջանին մէջ իր անշրջանցելիութիւնը վերընդգծելու,…















