
Տակաւին քանի մը տարի առաջ էր, երբ Թուրքիա սկսաւ խօսելու արտաքին քաղաքականութեան իր նոր վարքագիծին մասին, որ կը խտանար «զեռօ խնդիրներ դրացիներուն հետ» բանաձեւումով: Երեւոյթները այդպէս ալ ցոյց կու տային (մէկ բացառութեամբ անշուշտ…): Արդարեւ, Պուլկարիոյ հետ, ոչ մէկ խնդիր կար: Կիպրոսի պարագային, կղզիին 40 տոկոսին «տը ֆաքթօ» գրաւումը-իւրացումը, 1974էն ի վեր, «մարսուած» կը համարուէր, որովհետեւ…















