
Ազգային Խանդավառութեան Ոգեւորիչ Մթնոլորտի Մէջ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձի ժողովրդային տօնակատարութիւն: Պուրճ Համուտը մայիսեան յաղթանակի ոգիով համակող մթնոլորտը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ներկայացուած միասնութեան շուրջպարով, որուն…















