
Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Նոյեմբեր 3-ին։ Ընտրութիւններուն մասնակից 6 հայ թեկնածուներէն յաջողութիւն արձանագրեցին երկու թեկնածու։ Ահունցիք Գարթիէվիլի քաղաքապետութեան Պորտօ Գարթիէվիլի ընտրամասի քուէարկողներու 50 տոկոսը քուէարկեց ի նպաստ Յարութիւն Շիթիլեանի, որուն 5 մրցակիցները ստացան մնացեալ 50 տոկոսի քուէները։ Յարութիւն Շիթիլեան Մոնթրէալի վերոնշեալ ընտրամասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է առաջին անգամ 2009-ին իսկ 2011-ին ընտրուած…















