
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Հինգշաբթի, մայիս 17ին, Փաստ կէտ Էյ. Էմ կայքէջի լրագրողներէն Արմինէ Գրիգորեան յօդուածի ձեւաչափով հարցազրոյց մը լոյս ընծայած է նախկին դեսպան, «Մոտիւս վիւենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանի հետ, որ կը զարգացնէ այն միտքը, որ Դաշնակցութիւնը «պէտք է ինքնամաքրուի»՝ եթէ կ՛ուզէ տեղ գրաւել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ։ Մէկդի դնելով այն հանգամանքը, թէ ԱԺ-ի յառաջիկայ ընտրութիւնները ե՞րբ…















