
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ անջատ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, անոնց փոխանցելով վերջին օրերուն ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ իր տեսակէտները` պահանջելով, որ միջազգային ընտանիքն ու Մինսքի խմբակը յաւուր պատշաճի անդրադառնան Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն, որոնք կը վտանգեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը:…















