
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, իսլամացած հայերու նուիրուած Պօղազիչի համալսարանի եռօրեայ համագումարին երրորդ ու վերջին օրը անցաւ՝ ներկայութեամբ ամբողջ սրահը լեցնող հետաքրքրուողներու բազմութեան մը, որուն մէջ հաւանաբար մեծ թիւ կը կազմէին իսլամացած հայերու թոռները։ Երկուշաբթի օրուան նիստը ութերորդն էր ու անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցան Անոյշ Սիւնի, Հելիթ Անահիտ, Ալիս Ֆոն Պիպերշթայն. երեքն ալ՝ հայկական ծագումով։…















