
Ողջունելի է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան չորս անդամներ ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ կը պաշտպանէ Քոնկրեսին մէջ հայոց իրաւունքներու հետապնդման նոր մօտեցում մը՝ դուրս ելլելով Ցեղասպանութեան ճանաչման շրջանակներէն: Քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաոյի (հանրապետական, Քալիֆորնիա), Էտըմ Շիֆի (ժողովրդավարական, Քալիֆորնիա), Մայքըլ Կրիմի (հանրապետական, Նիւ Եորք) եւ Ֆրենք Փալոնի (ժողովրդավարական, Նիւ Ճըրզի) ներկայացուցած երկկուսակցական այս նոր նախաձեռնութիւնը պատշաճօրէն…















