
Հայոց ցեղասապնութեան 98-ամեակին առիթով կազմակերպուած տարաբնոյթ միջոցառումներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնէր գաղափարախօսական կարեւոր առանցքային թեմայ մը, որ ոչ թէ սոսկ կարգախօսային բնութագիր ունէր, այլ աւելի առաջադրանքային։ Անիկա յստակօրէն կը վերաբերէր ճանաչումի եւ դատապարտումի պահանջատիրական ռազմավարութենէն անցումին դէպի հատուցման իրաւականացում։ Այս մէկը ի հարկէ համատարած առաջադրանքի չէ վերածուած տակաւին։ Ճիշդ է, որ կարմիր թելը կ՛երեւի…















