
(Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահին այցելութեան առիթով) Մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւող այցելութեամբ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հրաւէրով, Աթէնք այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ պրն. Աշոտ Ղուլեան: Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահին Յունաստան առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Արցախեան Շարժման 25ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս։ Պետական-քաղաքական տեսակցութիւններով եւ յունահայ գաղութի հետ ծանօթացման հանդիպումներով յատկանշուեցաւ Ա. Ղուլեանի այցելութեան…














