
Օրը օրին ապրելու եւ զգացական հայրենասիրութեան խա-ղով տարուած, որպէս ազգ տեւելու հարցը կարծէք դադրած է հեռանկարային մտահոգութիւն ըլլալէ: Նահանջ կայ, խուճապ: Կը խարխափենք, լեզուական խառնիճաղանճէն մինչեւ Հայկական Հարցը, որ կը խեղդուի ցեղասպանութեան ճանաչման անվնաս խաղին մէջ, «խոստումներ»ու կշռոյթով անձանձրոյթ «թարանթելլա» պարելով: Յոգնեցուցիչ ըլլալով անգամ, պէտք է յիշել, յիշեցնել եւ կրկնել, որ սփիւռք(ներ)ը ազգի աւելի քան…












