
19 Յունուար 2013¬ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 6-րդ տարելիցին, Պոսթընի «Տի Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան դասախօսութիւն մը տուաւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին: Թուրք ձախակողմեան մտաւորականներու եւ ակադեմականներու կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին Մուրատեան Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան նիւթը արծարծեց թրքերէն լեզուով: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք դասախօսութեան ամբողջութիւնը: *** Թրքերէնը ինչպէ՞ս եկաւ ինծի:…










