
Ինչո՞վ զբաղուած են դաշնակցականները Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Դաշնակցական շարքայինը, կուսակցական միաւորները՝ կոմիտէութիւնները, անոնց ղեկավար մարմինները՝ կոմիտէները, համադրող-ղեկավարող շրջանային մարմինը՝ Կեդրոնական կոմիտէն: Այս դաշնակցական համակարգը, կառոյցը, համայնքին ազգային միջավայր, ազգային գաղափարախօսութիւն, ազգային-համազգային խնդիրներու լուսաբանում, ազգային առաջնորդութիւն ապահովելու խնդիր ունի: Ազգային միջավայր ստեղծելու համար, Դաշնակցական կառոյցը կ՛աշխատի Հայ կեդրոններու ցանցերը ընդարձակել, արդիականացնել, զանոնք հայկականութեան շունչով լեցնել…











