
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է հաւաքական կազմակերպական ինքնարժեւորման: Սխալ պիտի ըլլար սակայն, եւ հիմնական սխալ, այդ առիթները վերածել ինքնագովասանքի, միայն իրագործուածը նշելու, ատով բաւարարուելու եւ պարտականութիւնը կատարածի հոգեբանութեամբ լուռ կամ բարձրաձայն յայտարարելու, որ մեր կազմակերպութիւնը իր գործը լիարժէք կատարած է եւ կը մնայ պարզապէս շեփորահարել կատարուածը կամ ծափահարել իրագործուածին: Նոյնքան անյարմար պիտի ըլլար սակայն միայն…










