
– Օմարի Լեռնանցքին Ռազմագիտական Նշանակութիւնը Ազերիական ուժերը 1994 փետրուարի 20-էն սկսեալ յարձակումներ շղթայազերծեցին Մարտակերտի Մատաղիս գիւղին ուղղութեամբ: Հայ ազատամարտիկները ծանր կորուստներ պատճառեցին նախայարձակ ուժերուն: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չէր ուզեր համակերպիլ այն իրողութեան հետ, որ պետութեան բոլոր հնարաւորութիւնները, մարդկային եւ նիւթական բոլոր միջոցները ռազմաճակատին համար հրապարակ նետելէ ետք, բոլոր յարձակումներն ալ ձախողած էին: Հետեւաբար, օրը օրին, նորակոչ…















