Շրջանային մամուլ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքներէն գոյացաւ 280 հազար տոլար

2016-ի Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Գէմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ կայացան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքները, որոնց ընթացքին, յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան համար հանգանակութիւններու համագումարը հասաւ 280 հազար տոլարի։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով…

Քլինթը՞ն, Թէ Թրամփ Հարցումէն Անդին

Ճափոնէն մինչեւ ասիական ու եւրոպական երկիրներ, Ափրիկէէն մինչեւ Գանատա ու Հարաւային Ամերիկա, աշխարհի աչքերը այսօր սեւեռած պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու վրայ, իմանալու, թէ ամերիկացի քուէարկողները որո՞ւն պիտի տան Սպիտակ տուն մտնելու տոմսը, այն ենթամտածումով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ աշխարհի առեւտուրին, տնտեսութեան, բայց մանաւանդ տագնապահար գօտիներու յառաջիկայ վերիվայրումներուն վրայ։ Բոլորէն աւելի, սակայն,…

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եգիպտոսի Խորհրդարանի Քայլերը Ներկայացուած Են Ֆրանս-Եւրոպական Պատուիրակութեան Մը

Եւրոպական խորհրդարանի եւ ֆրանսական ծերակոյտի միացեալ պատուիրակութիւն մը Եգիպտոս այցելութեան ծիրին մէջ անցած Շաբաթ օր՝ Նոյեմբերի 5-ին եգիպտական խորհրդարան այցելած է, ուր՝ ի միջի այլոց, տեսակցած է երեսփոխան Մուսթաֆա Պաքրիի հետ: Տեսակցութեան ներկայ գտնուած են նաեւ եգիպտական խորհրդարանի այլ անդամներ: Պաքրի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ եգիպտական խորհրդարանի կեցուածքը, հաստատելով, որ Թուրքիոյ իրագործած…

«ԱՄՆի Յաջորդ Նախագահը Պարտադրաբար Պիտի Ժառանգէ Միջին Արեւելքի Թէժ Ճակատները»

«ԱՐԵՒԵԼՔ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ՝ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ԱՆԴԱՄ, ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉ ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆԻ ՀԵՏ «ԱՐԵՒԵԼՔ».- Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ ԱՄՆի մէջ՝ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ հայկական համայնքէն ներս: ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Պէտք է շեշտեմ, որ ԱՄՆի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը այս տարի աննախադէպօրէն բեւեռացուած է եւ ջղաձիգ: Սկզբունքով, ընտրապայքարը տեղի կ՛ունենայ Դեմոկրատ (Հիլարի Քլինթըն) եւ Հանրապետական (Տանըլտ Թրամփ) կուսակցութիւններուն…

Լօզանից Սեւր ընդամենը մէկ քայլ է

Ինչպէս եւ ենթադրւում էր Իրաքի հիւսիսային շրջաններում ծաւալւող իրադարձութիւնները խոստանում են բաւականին հետաքրքիր անակնկալներ մատուցել տարածաշրջանին: Նախօրէին, Անկարան պատրւակելով Հիւսիսային Իրաքում թուրքմենների պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, տանկերի եւ այլ զրահատեխնիկայի մեծաքանակ կուտակումներ է կատարել Իրաքի հետ սահմանին: Չմոռանանք, որ նոյն՝ իրենց ցեղակից թուրքմեններին պաշտպանելու սցենարն աշխատեց նաեւ Սիրիայում, երբ թուրքական բանակը ներխուժեց այդ երկրի տարածք: Ակնյայտ է…

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Հարիրիէն Կը Պահանջէ Յարգել Ազգային Ուխտը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ա.- Հայկական երեսփոխանական պլոքը կ՛ողջունէ վարչապետ Հարիրիի կողմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու նախաձեռնութիւնը, ընդգծելով, որ այդ կառավարութեան…

Երբ կը միանան Դաշնակցութեան

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Կիրակի օր, Արարատի մարզի Քաղցրաշէնի մէջ 14 երիտասարդներ եւս միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը։ Խրախուսիչ իրականութեան վերածուած է հայրենի երիտասարդներու Դաշնակցական դառնալու պատրաստակամութիւնը։ Հայրենիքի տարածքին, Երեւանէն Շիրակ, Լոռիէն Արագածոտն, Արարատէն Կոտայք, Սիւնիքէն Արցախ, անոնք կու գան քանակական ու որակական նոր աւիւն ներդնելու մեր ժողովուրդի ամենէն ազգային, արդարամէտ ու խիզախ քաղաքական կազմակերպութեան՝ Հ. Յ.…

Հասարակական վերջնական խզումը դառնում է անխուսափելի

Թուրքիայում, յուլիսի 15-ի ձախողւած զինւորական յեղաշրջման փուլից յետոյ, իշխանութիւնների սանձազերծած քաղաքական հետապնդումները թեւակոխում են նոր փուլ: «Քուրդստանի Բանւորական» կուսակցութեանն աջակցելու պատրւակով, թուրքական իշխանութիւնները սկսել են երկրի երրորդ քաղաքական ուժի՝ «Ժողովուրդների դեմոկրատական» կուսակցութեան դէմ հետապնդումները: Քրդամէտ այս կուսակցութեան դէմ սանձազերծւած հետապնդումներն իրենց նմանը չեն ունեցել 1997 թւականից սկսեալ, երբ զինւորականների ճնշման արդիւնքում Էրդողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում»…

Փակուղիի Խորութեան Անհամապատասխան «Փակուղի»ն

Սփիւռքը տարողունակ է. նաեւ՝ յարափոփոխ, երբեմն կենսունակ՝ ըստ վայրի, երբեմն ալ՝ անյոյս ու խորտակուող: Բայց միշտ ուժական (dynamic) ու երբե՛ք «սթաթիք»: Ներկայ Սփիւռքը նախ բռնագաղթի, ապա արտագաղթի հետեւանք է: Դասական, յետեղեռնեան Սփիւռքը իր հայրենիքէն զրկուած հայ մարդը դրաւ պարտադրանքներու տակ: Առաջնահերթութեան կարգով, այս Սփիւռքին մէջ «հայ մնալ»ն էր հիմնականը, որ պարտադրանքի հանգամանքէն անդին անցնելով, յանգեցաւ…

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Քուէն.. Ոչ-Ո՛քի

Վճռական ժամը կը մօտենայ, եւ քանի մը օրէն՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8-ին Միացեալ Նահանգները պիտի ընտրեն իրենց 45-րդ նախագահը: Արդեօք որքանո՞վ մնացած է հետաքրքրութիւն, պայքար եւ ամենէն կարեւորը՝ մակարդակ: Յստակ է թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան, ամենէն աւելի արտառոց կացութիւնը ստեղծուած է, ուր երկու թեկնածուները փոխանակ յառաջիկայ չորս տարիներու յատուկ փլաթֆորմ, գործընթաց եւ թղթածրար…