
Մարդիկ շատ շատ պատճառներ ունին Թովմաս առաքեալի նման վերաբերելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթին: Ներառեալ այս յօդուածագիրը: Պարոն նախագահը ինք եւս պէտք է լիովին ու ճշգրիտ ձեւով ըմբռնէ այս թերահաւատութեան պատճառները եւ գործէ ըստ այնմ: Խօսքերով բաւարարուելու ժամանակը շատոնց անցած է: Երկար գրուած է Հայաստանի ներկայ քաղաքական կառավարման համակարգի թերութիւններուն մասին: Զայն սրբագրելու օրինական ենթահողը…















