
Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած անբարեացակամ համազարկերու դէմ՝ Գերմանիա դժուարին շաբաթ մը ունեցաւ։ Թուրքիոյ փոխ վարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ ազդարարեց, «Գերմանիա պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ»։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնաց, «…կրնան վնասուիլ մեր ապագայ յարաբերութիւնները, … մեր երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական, քաղաքական, առեւտրական եւ զինուորական կապերը»։ Իսկ վարչապետ…















