
Թեհրանի միջնախագահական եռակողմ ժողովը, ըստ էութեան միացեալ զինուորաքաղաքական որեւէ նախաձեռնութիւն առնելու որոշումին չէ յանգած: Կարգախօսաբանութիւնը գերակշիռ է ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն, ու տակաւին` անոր մասնակից իւրաքանչիւր նախագահի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն մէջ: Նախ նկատելի է, որ սուրիական հիմնահարցին հանգուցալուծման յատկացուած ժողովին բացակայ է ի՛նքը` Սուրիան: Մինչ պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ Դամասկոսի կամ սուրիական վարչակարգի հովանաւոր ուժեր եզրաբանութիւնը…














