
Վճռականութեան Վերանորոգում` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, հինգշաբթի, 28 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 97-ամեակի տօնակատարութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական մարմինին խօսքը փոխանցեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան շեշտեց, որ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ անկախութիւնը անշրջելի արժէք է` ընդգծելով,…















