
Ուքրանիոյ քաղաքական դաշտին վրայ արձանագրուող դիպաշարը ընդհանուր առումով ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ արեւելումներու բախումներով կարելի է բնութագրել: Այս մէկը անշուշտ շատ ընդհանուր բնութագրում է. միջանկեալ պէտք է նկատի ունենալ ժողովուրդի երկու հատուածներու բեւեռայնացման հանգամանքները` սկսած պատմական դաւանական բաժինէն, լեզուական տարբերութենէն, անցնելով մշակութային, հասնելու համար քաղաքական սուր հայեացքներու: Այստեղ համաուքրանական յղացքը արդէն մշուշապատուած է եւ տարանջատումը հետզհետէ…















