
Քրտական աղբիւրներու հաղորդած այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն Թել Ապիատի արուարձաններուն մէջ ծաւալած մարտերուն ընթացքին սպաննուած է ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարը, սուրիական դիպաշարի վերջին զարգացումներուն մէջ կը գրաւէ դիտարժան երեւոյթի դիրք: Թել Ապիատ անունը հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն յայտնի դարձաւ տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ սրբապղծման եւ հրկիզման արարքով: Ռաքքայի շրջանին մէջ գտնուող այս քաղաքը տարիներու ընթացքին հայաթափուած…















