
Պոլսոյ եւ այլեւս նաեւ Անգարայի իրադրութիւններուն (եթէ տակաւին չենք ուզեր ընդհարումներ բառակապակցութիւնը օգտագործել` բնութագրելու համար ներթրքական իրավիճակը) հետեւելու ընթացքին կ՛աւելնան քանի մը դիտակէտեր: Նախ անշուշտ ցոյցերուն, բողոքներուն տեւողութեան երեւոյթը: Եթէ ցոյցերուն մօտ տարողութեան նոր մագլցումներ չեն արձանագրուիր, այսուհանդերձ պէտք է նկատել անպայման, որ անոնք կը շարունակուին: Իսկ զանգուածային բողոքի գործողութիւններու աւելի քան տասը օր տեւելը…















