
Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով վերջերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին թուրք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Հայաստանի հասցէին կատարեց բաւական անհեթեթ ամբաստանութիւններ, որոնց շարքին նշեց, որ «ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Հայաստան հիմա մեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ (…) թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւն կ՛ընէ»: Անոր յայտարարութեան թիրախները վստահաբար Լեռնային Ղարաբաղի աշխարհագրական դիրքին անծանօթ եղողներն էին, որովհետեւ Արցախի դիրքին ծանօթ…














