
Տարեվերջի ընդհանրացած սովորութիւն է, որ անհատներ, հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ թէ իշխանութիւններ կ՛արժեւորեն իր աւարտին հասած տարուան հաշուեկշիռը։ Աշխարհի չորս ծագերուն, նոր տարուան սեմին, բոլորը հաշուեյարդարի կը նստին եւ գնահատումը կը կատարեն իրենց ձեռքբերումներուն ու կորուստներուն։ Ինքնանպատակ չի կատարուիր, անշուշտ, հաշուեյարդարը։ Բոլորին մօտ ալ կ՛իշխէ, փորձուած ու անցեալին յանձնուող տարուան հաշուեկշիռէն մեկնելով՝ գալիքին համար անհրաժեշտ դասերը քաղելու…











