Քննարկում

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մեր Վազքը

Երէկ Պուրճ Համուտի փողոցները ականատես դարձան քարոզչական ձեռնարկի մը համար օգտագործուած իւրայատուկ եղանակի, որ ուղերձ ունէր, որ նպատակ կը հետապնդէր: Միջազգային կառոյցները, երիտասարդութեան հարցերով զբաղող ընկերաբանական- մասնագիտական կազմակերպութիւնները համաշխարհային մակարդակի վրայ կը շարունակեն հնչեցնել թմրեցուցիչի օգտագործման վտանգը, անոր մահացու հետեւանքները, սերունդներու փճացման արհաւիրքը: Սակայն համաշխարհային այս աղէտը, հակառակ զգուշացումներուն, միջպետական համաձայնութիւններով համակարգուող հետապնդումներուն, կտրուկ մագլցողականութեամբ…

Զօրակցութեան Հարիսա

Քեսապի բնակիչները, անոնք, որոնք արդէն իսկ վերադարձած են ազատագրուած հայկական գիւղի իրենց բնակարանները, որոշած են Օգոստոս 17ին՝ Սուրբ Աստուածածնայ տօնի օրը, իրենց ծննդավայրին մէջ պատրաստել եւ ուտել աւանդական հարիսան: Ծովափի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի խօսքերով՝ «Կը մաղթենք Ս. Աստուածածնայ տօնը այնտեղ, մեր տուներուն մէջ նշել, եւ մենք վստահ ենք, որ Աստուած մեզի…

Ակնարկ. «Հասարակաց Ապագայ» Եւ Միակողմանի Հատուցում

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերջին յայտարարութիւնը որեւէ նոր տուեալ չ՛ապահովեր Անգարայի կողմէ որոշ ժամանակէ ի վեր կիրարկութեան դրուած թաւշեայ ժխտողականութեան քաղաքականութեան մէջ։ Ուղերձը նոյն յստակութեամբ բանաձեւուած է։ Իր վարչապետը «խաղաղասիրական մեծ քայլ առած է». Կատարուածը ցաւակցութենէն անդին «յարատեւ խաղաղութեան» առաջադրանքով հասարակաց ապագայի ապահովման միտող ծրագիր է։ Բնականաբար պիտի հետեւէր հայկական կողմէն առնուելիք համապատասխան քայլի սպասումը։…

Արթուն Սահմանապահը

Խօսք Պօղոս Սնապեանի հիշատակին «Հաշուեցէք, որ այս մէկն ալ հայուն հայրենիքն է, որուն սահմանները վտանգուած են….և ուրիշը պիտի չպաշտպանէ զայն. մե՛նք պիտի պաշտպանենք. աս է այսօրուան մեր Սարդարապատը. աս է Բաշ Ապարանը. աս է Ղարաքիլիսան։ Մեր գրականութիւ՛նը։ Մեր կեանքի ամենէն հարազատ հո՛ղը։ Դուրեան, Մեծարենց, Վարուժան, Սիամանթօ, Օշական։ Պիտի կենաս այս սահմաններուն վրայ՝ զէնքը ձեռքի՛դ…» Լիբանանի…

Նոր Սկիզբ

Հնարաւո՞ր է, որ 124ամեայ կազմակերպութեան մը տեղական կառոյցը կարենայ հերթական ժողովը վերածել անկիւնադարձի, նոր սկիզբի մը մեկնակէտի: Խոչընդոտող ազդակները շատ են՝ սկսելով տարիներու աւանդական գործելակերպի ուղղորդող սովորութիւններէն, որոնք սովորամոլութեանց վերածուելու ամէն պայման կրնան ստեղծել, մինչեւ առարկայական, միջավայրային գործօնները, որոնք մաշումի ամէնօրեայ պատերազմ կը տանին ազգային ձգտումներու տէր նոյնիսկ ամէնէն յանձնառու գաղափարի մարտիկներուն դէմ: Հակառակ այս…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Պաքուի որջէն ներս

Անտառի քաղաքականութիւնն է որ կիրարկուեցաւ, վերջերս Պաքուի մէջ կազմակերպուած, ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին, որ կը կրէր «Հարաւային Կովկաս.- Մարտահրաւէրներ եւ Հնարաւորութիւններ» խորագիրը: Այսպէս, իրենց որջէն ներս, ազերի ղեկավարութիւնը կազմակերպելով եւ հիւրընկալելով այս համագումարը, զայն վերածեց, աժան քարոզչական բնոյթ ունեցող հաւաքներու, ուր ամէն լաւ բան կը պատկանի նոյնինքն տեղւոյն երկրին ու ղեկավարութեան, փոխարէն չարն ու գէշը` թշնամիին:…

Արցախին անհրաժեշտ է խորհրդարանական կառավարման համակարգ

aparaj.am-ի հարցացրույցը ԼՂՀ փոխվարչապետ, ՀՅԴ ԱրցախիԿենտրոնական կոմիտեի անդամ Արթուր Աղաբեկյանի հետ: -Տեղեկություն ունենք, որ ընտրական օրենսգրքում մի շարք փոփոխություններ պետք է կատարվեն, սակայն հասարակությանը հասանելի չէ՝ այդ փոփոխությունների նախաձեռնությունը կառավարությա՞նն է, թե՞ Ազգային ժողովինը: Նաեւ հասկանալի չէ, թե ո՞րն է ընտրական օրենսգրքում նոր փոփոխություններ կատարելու պահանջը : -Իրականում կառավարությունն է նախաձեռնել՝ ընտրական օրենսգրքում նոր փոփոխություններ…

Ամերիկեան Հեգնանք

Տեղեկատուական ոլորտը ունի իր օրէնքները, որոնցմով կը ղեկավարուինք մենք՝ ամէնօրեայ լուրերու հոսքով բաւարարուած, անոնցմով յագեցած ու անոնց վերլուծումով սահմանափակուող բազմութիւնը կազմողներս: Այս խումբին մէջ մտածողութեան յատկանշական գիծը մակերեսայնութիւնը կրնայ ըլլալ: Աւելի խորը վերլուծելու պարտականութիւնը վերապահուած է մասնագէտներու, քաղաքագէտներու, դիւանագէտներու եւ անշուշտ՝ լայն ուսումնասիրութիւն ընելու ճոխութիւնը ունեցող հրապարակագիրներու: Առաջին խումբին պատկանելու խոստովանութիւնը ընելէ ետք, մենք կրնանք…

Թուրքիան` որպէս «իրաքեան ճգնաժամի» հրահրիչ

1- Նախագահ Ռոհանիի Անկարա այցելութեան գնահատականը՝ թուրքական լրատւամիջոցների կողմից, որպէս նաեւ Թուրքիայի պետական դիրքորոշման խօսափողներ, բնութագրելի է որպէս խիստ բացասական: 2- Թուրքական պետական մամուլն ու իշխանամէտ ԶԼՄ-ները իրենց այդ գնահատականի ապացոյց ու հիմք էին ծառայեցնում Իրանի Իսլ. Հանրապետութեան նախագահի Աթաթուրքի դամբարան չայցելելը: 3- Նոյն մամուլի ճամբով նաեւ Թուրքիայի իշխանութիւնները իրենց տարակուսանքն են դրսեւորել Իրանի սիրիամէտ…

80-րդ Օր. Համարատուութիւն` Քեսապ Եւ Լաթաքիա

Ստորեւ կու տանք քեսապահայութեան պատասխանատուներէն Կարօ Մանճիկեանի հաշուետու զեկուցումը` անցնող 80 օրերուն համար: Զեկուցումը գրուած է նախքան սուրիական բանակին կողմէ Քեսապի վերատիրացումը, սակայն անոր մէջ նշուած կէտերը այժմէական կը մնան նաեւ հիմա, երբ քեսապահայութիւնը կը պատրաստուի տունդարձի: Ամէն ճիգ թափեցի, որ այս յօդուածս հասնի Քեսապի տեղահանութեան 60-րդ օրը, բայց Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Պատգամաւորական…