
Երբեք չափազանցութիւն պիտի չըլլայ հաստատելն ու շեշտելը թէ Թուրքիոյ ներկայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը, պատմութեան ընթացքին բռնի կամ կամաւոր իսլամացուած, թրքացուած կամ քրտացուած ժողովուրդներու սերունդներէ կը բաղկանայ եւ այս մէկը փաստելու համար, տեղին է ամենայն մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պեղել գոյութիւն ունեցող պատմական եւ մարդաբնական ուսումնասիրութիւնները: Պոլսոյ մէջ կատարուած գիտաժողովին անունն անգամ, իր իւրայատուկ գրութեամբ իմաստալից է.- «Իսլամաց(ու)ած…















