
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը երրորդ հանրապետութիւնը կը նշէ համապետական տարողութեամբ, մինչ սփիւռքի գաղութները յատուկ տօնակատարութիւններով վեր կ՛առնեն օրուան խորհուրդը, այժմէականացման փորձեր կը կատարեն եւ մանաւանդ հանրապետութեան եւ անկախութեան կերտիչներու փոխանցած դասերուն վրայ լուսարձակներ կը բանան: Մայիս 28-ը անշուշտ համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչում, տօնակատարութիւն, քննարկում կ՛ենթադրէ, եւ այդ ուղղութեամբ համատարած նախաձեռնութիւններ արձանագրուեցան եւ կ՛արձանագրուին Հայաստանի Հանրապետութեան,…















