
Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներու թուականը աւելի քան 50 տարի զօրաշարժի կը մատնէ Սփիւռքի բոլոր գաղութները։ Ընդհանրապէս մեր պահանջատիրական պայքարի փոխանցումը սգոյ երեկոներէն դէպի քաղաքական դաշտ՝ բաւական երկար ճանապարհ պարտադրեց 1965էն ետք։ Եթէ ժամանակին անկիւնադարձային ձեռքբերում մըն էր 50-ամեակի այդ փոխանցման հանգրուանը, վստահաբար կարելի է անկիւնադարձային բնորոշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը։ Իսկ թուելով փոխանցման հանգրուանները դիւրաւ կարելի…















