Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ

Խաչատուր Կարճիկեան (1882-1918). Հայոց ազատ եւ անկախ պետականութեան կառուցումին անձնուէր առաջամարտիկն ու… քաւութեան նոխազը

Աշխարհաքաղաքական իր աննպաստ դիրքին ու թշնամապէս տրամադրուած դրացիներ ունենալու պատմական դաժան ճակատագրին բերմամբ, հայ ժողովուրդը պարտաւորուեցաւ իր արիւնէն ծանրագոյն գին վճարելու ոչ միայն Հայաստանի անկախութիւնը նուաճելու, այլեւ իր ազգային պետականութիւնը կերտելու համար։ Միայն «անձեւ քաոս» մը չէին պարզեր Հայաստանն ու հայութիւնը 1918ի Մայիսին, երբ հերոսաբար ծառացան հայասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկած թրքական ոսոխին դէմ, Սարդարապատեան…

Սերոբ Աղբիւր (Վարդանեան,1864¬1899). Հայկական Ազատամարտի «առիւծասիրտ» հայդուկապետը

Հայ մարդու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելի խորհուրդ ու պատգամ խտացուցած է մեր օրացոյցին 24 Հոկտեմբերի էջը, որովհետեւ թրքական բռնակալութեան սադրանքով, 112 տարի առաջ այսպիսի օր մը, Սասնոյ Կէլիէկուզան գիւղին մէջ, դաւադրաբար թունաւորուեցաւ, նահատակուեցաւ ու անարգօրէն գլխատուեցաւ մեր ժողովուրդին առասպելատիպ հերոսներէն Աղբիւր Սերոբ։ Հայոց ազգային¬ազատագրական շարժման անզուգական դէմքերէն եղաւ Սերոբ Վարդանեան աւազանի անունով Սասնոյ Աշխարհին մէջ…

Աւետիք Իսահակեան (1875-1957). Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչը

Հոկտեմբեր 17ի այս օրը, 54 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ արդի հայ գրականութեան ամէնէն սիրուած դէմքերէն Աւետիք Իսահակեան, որ քնարերգական իր մեծ տաղանդով դարձաւ Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչը եւ արժանացաւ հայ բանաստեղծներու Վարպետի տիտղոսին։ Նաեւ իբրեւ ազգային դէմք՝ Աւետիք Իսահակեան իր ուրոյն դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներու փոթորկայոյզ կեանքին վրայ։ Իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ…

11 Հոկտեմբեր 1920. Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր Պորիս Լեգրանի պատուիրակութեան ժամանումը Երեւան

Հոկտեմբեր 11ի այս օրը, 1920 թուականին, Խորհրդային Ռուսաստանը ներկայացնող յատուկ պատուիրակութիւն մը, Պորիս Լեգրան անունով արկածախնդիր պոլշեւիկի մը գլխաւորութեամբ, ժամանեց Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ նոյն տարուան Յունիսին Մոսկուայի մէջ սկսուած բանակցութիւնները իբր թէ շարունակելու համար։ Բացայայտ դիւանագիտական կեղծիք էր Լեգրանի պատուիրակութեան Երեւան այցին համար պաշտօնապէս յայտարարուած նպատակը։ Անկախ Հայաստանի գոյութեան դէմ, Ապրիլ 1920ի վերջե-…

27 Սեպտեմբեր 1919. Դաշնակցութիւնը իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովը գումարեց նորանկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ

1890ին Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն 29 տարի ետք միայն՝ Դաշնակցութիւնը բախտը ունեցաւ անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան հովանիին տակ գումարելու իր Ընդհանուր Ժողովը։ Սեպտեմբեր 27ի այս օրը, 92 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ կոչուած էր դառնալու պատմական ժողով մը։ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովներու շարքին իններորդը…

26 Սեպտեմբեր 1918. Արամ Մանուկեանի հրամանագրով՝ անձնական զէնքերը առգրաւուեցան նորաստեղծ Հայաստանի տարածքին

1918ի այս օրը՝ 26 Սեպտեմբերին, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին եւ յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի հրամանագրով գործադրութեան յանձնուեցաւ քաղաքացիներու մօտ գտնուող սեփական զէնքերու եւ զինամթերքի պետականացման՝ առգրաւման կառավարական որոշումը։ Անձնական զէնքերու հաւաքման խնդիրը Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան ամէնէն ցաւոտ ու փշոտ հարցերէն մէկն էր։ Մայիսեան յաղթական հերոսամարտներէն ետք, թրքական նահանջող զօրքերէն…

Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 1867-1914). Հայոց Ազատամարտի անզուգական Հայդուկապետը

«Վճռականութիւնը, անսասան կամքը, որոշումների պաղ եւ անյողդողդ կատարումը, կուսակցական պողպատեայ դիսցիպլինը (կարգապահութիւնը) – անհրաժեշտ գծեր են ամէն մի կռւում, եւս առաւել՝ հայոց դաժան յեղափոխական պայքարի մէջ։ Այդ գծերի անձնաւորումն էր ղարաբաղցի հերոսը եւ նրանց համար պատրաստ էր նա ամէն վայրկեան իր կեանքը զոհաբերելու։ Բարոյական ամենաբարձր սկզբունքներն իւրացրած եւ կուսակցութեան անաղարտ դրօշակի նախանձախնդիր՝ նա մարմնացած վեհանձնութիւն…

14 Սեպտեմբեր 1920. Լեւոն Շանթի պատուիրակութիւնը ձեռնունայն Երեւան վերադարձաւ… Մոսկուայէն

14 Սեպտեմբերի այս օրը, 91 տարի առաջ, Ռուսաստանի պետական ղեկին տիրացած պոլշեւիկները մեծապետական դիւանագիտութեան դաժանագոյն դաս մը տուին հայ ժողովուրդին։ Մայիս 1920էն ի վեր Մոսկուա գտնուող ու հայեւռուս յարաբերութեանց բնականոնացման համար բանակցելու եկած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ, ամենայն «քաղաքավարութեամբ» ետ Երեւան ղրկուեցաւ, իբր թէ անաւարտ բանակցութիւնները Հայաստանի մէջ շարունակելու պատճառաբանութեամբ… Շանթի պատուիրակութիւնը…

Յակոբ Գարակէօզեան (Զաւէն, 1873¬1897).«Պարտաճանաչութեան վսեմ ոգով տոգորուած» հայ յեղափոխականը

«Սուլթանի կառավարութիւնը նախ դժոխային բարբարոսութեանց սոսկալի շարքով մը հալածեց յեղափոխականները. ի՞նչ հետեւանք տեսաւ – ո՛րչափ որ իւր ուժը աւելցուց՝ հիմն ի վեր կործանելու Հայկական շարժման շէնքը, ա՛յնչափ աւելի մեծացաւ, ընդարձակուեցաւ ատիկա։ Կռահեց ուրեմն, որ ասոր վախճանն ալ պիտի կրնայ ըլլալ պալքանեան ազգերու ապստամբութեանց հետեւանքին պէս,- ասոնք ալ զինք պիտի անդամահատին. երբե՛ք, բնաւ երբեք։ Բռնակալը նախարարներուն…

Գրիգոր Գլըտճեան (Պարոյր-Հայկազն, 1868¬1898). Հայ յեղափոխական շարժման առաջին նուիրեալներէն

Օգոստոս 9ի այս օրը, 113 տարի առաջ, Աթէնքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, այդ ժամանակ ճար ու դարման չունեցող թոքախտի զոհ գնաց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման հիմնադիր դրօշակիրներէն եւ առաջին նուիրեալներէն Գրիգոր Գլըտճեան, որ իր գաղափարապաշտ ճարտասանութեան համար արժանացած էր Պարոյր-Հայկազն անուանակոչումին, հետեւողութեամբ հինգերորդ դարու հայ մեծահռչակ հռետորին։ Հայկական Յեղափոխութեան ինքնատիպ այս դէմքին՝ Պարոյր-Հայկազնի անունը կապուեցաւ 1880ականներու…