
Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թանասէ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, որ զինք ընդունեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ: Լիբանանի ներկայ անցուդարձերուն մասին կարծիքներու փոխանակման կողքին, քննութեան նիւթ դարձան յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ մանաւանդ Լիպիոյ կացութիւնն ու այդ իմաստով եւրոպական պետութիւններուն դերակատարութիւնը: Դեսպան Թանասէ մօտէն ծանօթ է հայութեան հետ…











