
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Մարտ 5ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթըն ժամանած է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան անդամ՝ Հայաստանի խորհրդարանի հինգ երեսփոխաններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ մէկ շաբթուան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ պիտի իրականացնէ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, վարչակազմի պաշտօնական ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ: Սոյն այցելութիւնը կազմակերպուած է…















