
ՀՈՐԻԶՈՆ.- Քեսապի բռնագրաւման, քեսապահայութեան տեղահանումի հարցով եւ գանատական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը Քեսապի հարցին վրայ հրաւիրելու նպատակով , Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնեց մամլոյ ասուլիս մը Օթթաուայի մէջ, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 25 Մարտին, առաւօտեան ժամը 11:00ին Օթթաուայի խորհրդարանի մամլոյ գրասենեակին մէջ: նախաձեռնութեան կազմակերպական աշխատանքներուն օժանդակեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս: Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ…















