
Նոյեմբեր 16-17ին Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ կայացաւ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Գանատայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։ Երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Հայ Դատի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրները։ Խորհրդաժողովը լսեց ժողովին մասնակից…












