
Սեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը՝ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ։ Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ազրպէյճանը՝ հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրոերեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի…















