
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներու կողքին» նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղած է բժշկական կենսական օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի ազատամարտի ընթացքին վիրաւորուած քանի մը տասնեակ վեթերաններու, Հայաստանի մէջ: Արշաւի կազմակերպիչներէն Դաւիթ Առաքելեան կ՛ողջունէ այն իրողութիւնը, որ գաղութը իր նուիրատուուիւններով կրցած է գործնականապէս ցոյց տալ, թէ նեցուկ կը կանգնի Արցախի ազատամարտիկներուն: Արշաւին շնորհիւ…










