Հ.Յ.Դ. Մամուլ

Ինչո՞ւ կ’ամբարոյականան ընկերութիւնները

Բարոյականը, իմաստութիւնը, գիտութիւնը եւ ծառայութեան փաստը դադրած են փառասիրութեան, դիրքի տիրացման եւ ընդհանրապէս ղեկավարման լծակ եւ չափանիշ ըլլալէ, պետութիւններու եւ ընկերային կազմակերպութիւններու պարագային: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կրկնենք՝ յարգելով բացառութիւնները: Մեր մոլորակի հեռու եւ մօտ անկիւնները, ընկերութիւններու առօրեային մաս կը կազմեն գայթակղութիւնները, բոլոր մակարդակներու վրայ, արքայական տուներէն մինչեւ նախագահները, երեսփոխանները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները, բոլոր այն…

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Մոսկուա – Պաքու տագնա՞պ

Երբ Դեկտեմբեր 15, 2016-ին, Ատրպէյճանի ճնշումներուն ենթարկուելով, Պելոռուսիոյ պետութիւնը ձերբակալեց ռուս լրագրող Ալեքսանտր Լափշինը, հաւանաբար երկու երկիրներուն ղեկավարները կարծեցին թէ, իրենց երկրէն ներս կատարած զեղծարարութիւններուն եւ ապօրինի միջամտութիւններուն նման, շուտով կրնան հասնիլ իրենց նպատակին եւ Պելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ, ձերբակալելէ ետք իրենց գլխուն ցաւ պատճառող լրագրողը, փոխադրել զայն Պաքու: Սակայն, այս առաքելութիւնը այդչափ ալ հեզասահ…

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախեան Եւ Ազրպէյճանական Զինուորական Ուժերու Յարաբերակցութիւնը

– Օմարի Լեռնանցքին Ռազմագիտական Նշանակութիւնը Ազերիական ուժերը 1994 փետրուարի 20-էն սկսեալ յարձակումներ շղթայազերծեցին Մարտակերտի Մատաղիս գիւղին ուղղութեամբ: Հայ ազատամարտիկները ծանր կորուստներ պատճառեցին նախայարձակ ուժերուն: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չէր ուզեր համակերպիլ այն իրողութեան հետ, որ պետութեան բոլոր հնարաւորութիւնները, մարդկային եւ նիւթական բոլոր միջոցները ռազմաճակատին համար հրապարակ նետելէ ետք, բոլոր յարձակումներն ալ ձախողած էին: Հետեւաբար, օրը օրին, նորակոչ…

Հայ Դատը Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կարծիքներ Կը Փոխանակեն Հայ-Ամերիկեան Առեւտրական Կապերուն Շուրջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ դիւանագիտական ջանքերը համացանցին միջոցաւ ընդարձակելու շուրջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Արամ Համբարեանի եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի միջեւ. ընթացքին շեշտուած է հայ-ամերիկեան առեւտրական կապերը ամրապնդելու եւ ներդրումներու ջանքերը…

«Ա­զատ Օր»ի նո­րո­գո­ւած կայ­քէ­ջ

Մեր թեր­թի հա­մա­ցան­ցա­յին է­ջի (www.azator.gr) այ­ցե­լու­նե­րը,1 ­Յու­նո­ւար 2017էն սկսեալ, ար­դէն վար­ժո­ւած են տես­նե­լու նո­րո­գո­ւած մեր կայ­քէ­ջին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած նիւ­թե­րը։ Ա՛յն, որ մեր այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րե­լի է, հրա­պա­րա­կո­ւած տո­ւեալ­ներն են, որ կը փո­խան­ցո­ւին խմբագ­րու­թեան կող­մէ՝ նոր կայ­քէ­ջի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։ Այդ­պէ՛ս, 1-31 ­Յու­նո­ւար 2017ին, մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, կայ­քէ­ջը 8255 հո­գիի այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է…

Սա Բելառուսի կողմից հակահայ մեղսակցության շարունակությունն է

ՀՅԴ Հայ Դատի և քաղաքացիական հարցերի գրասենյակի պատասխանատու Կիրո Մանոյանը այսօր լրագրողների հետ հանդիպման ժամանակ կարծիք հայտնեց, որ ուրիշ բան չէր կարելի սպասել Բելառուսի գերագույն դատարանից: «Պարզ էր թե ինչ կարելի է սպասելԲելառուսի գերագույն դատարանից, սա Բելառուսն է ի վերջո: Չեմ կարծում տարբեր որոշում պետք է սպասեինք»,- հայտարարեց Մանոյանը: Ըստ Մանոյանի սա Բելառուսի կողմից հակահայ…

Ազգ- բանակի հրամայականը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմական փորձառութիւնը

19-րդ դարի վերջին տասնամյակեն սկսեալ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, հայոց բանակի բացակայութեան, Դաշնակցութիւնը վերցուցած էր հայկական զինուած ուժերէն ակնկալուած գործառոյթներու իրականացումը, Երկրի մէջ ծաւալած ֆետայական շարժում ըլլայ անիկա, թէ Մուսա Լերան վրայ կազմակերպուած հերոսամարտ, կամաւորական շարժումի կազմակերպում ըլլայ անիկա, թէ Սարդարապատի ծառացում եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական բանակի կազմութիւն, եւ Զանգեզուրի ժողովրդային գոյամարտի դիւցազնակերտում, «Նեմեսիս»-ի…

Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

Վերջերս, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը հրատարակեց՝ յայտնելով, թէ դաշնակցական պատգամաւորները դէմ պիտի քուէարկեն սահմանադրութեան վերամշակուած նախագիծին, որովհետեւ անիկա չի նպաստեր պետական համակարգի բարելաւումին, չի համապատասխաներ համակարգը առաւել ժողովրդավարացնելու կուսակցութեան պատկերացումին, հետապնդած նպատակին… Նախագիծը Ազգային ժողովէն քուէարկուած ըլլալով, արդէն իսկ նախագահական հրամանագիրով որոշուած է հանրաքուէի թուականը՝ 20 Փետրուար 2017: Մշակուած նախագիծով փոխանակ անցում կատարելու…

Առաջ սրով էին մեզ ընդունում, հիմա ոչինչ` բարևում են

Դեպի Հադրութ տանող ճանապարհի ամբողջ ընթացքում մի տեսակ անհանգիստ էի, որովհետև դժվար ու պարտավորեցնող է գրել այն մարդու մասին, ում ոչ մի անգամ չես տեսել, բայց ում մասին շատ ես լսել: Հեռախոսով աշխատավայրը ճշտելուց հետո` ահա Հադրութի շրջվարչակազմի շենքի մոտ եմ, աստիճաններով բարձրանում եմ դեպի «Դիզակ» թերթի խմբագրություն: Ներս մտնելուց հետո Երմոնյա Զաքարյանի բարեհամբույր ժպիտն…

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու խորհրդակցութիւնները: aztagdaily.com