
Պաքուն հետեւողականութիւն ցոյց կու տայ Արցախի մէջ կատարուող բնակեցման աշխատանքներուն վրայ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու իր առաջադրանքի իրականացման փորձերուն մէջ: Երեւոյթը արձանագրուած էր իրաքահայերու Արցախի մէջ հաստատման օրինակներուն դիմաց, այժմ ալ կը շարունակուի սուրիահայ ընտանիքներուն բնակեցման առիթով: Օրին տակաւին Դամասկոսի մէջ կը գործէր ազրպէյճանական դեսպանատունը, երբ Դամասկոսը կը մեղադրուէր իբրեւ տարանցիկ կէտ Իրաքէն Երեւան եւ…















