
Քաղաքական բանականութեան ճշդած օրինաչափութիւններուն հաղորդ մարդոց համար տարօրինակ չի հնչեր ի հարկէ ՄԱԿ-ի դատապարտումն ու արծարծած պահանջները Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին գործողութիւններուն առումով: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պահանջած է պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիոյ Ռէյհանլը քաղաքին մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան կազմակերպողներն ու կատարողները: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ անհրաժեշտ է պատասխանատուութեան ենթարկել այն անձերը,…















