
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ճշդէ, կը բնորոշէ եւ կը սահմանէ Դաշնակցական գործն ու Դաշնակցական խօսքը։ Իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ է, ինչպէս կը հաստատէ Նիկոլ Աղբալեան «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան Մասին» աշխատութեան մէջ։ Պարզ եւ մեկին, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարմիններու…















