
Հարցազրոյց` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Հետ Երէկ` երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, «Ազդակ» օրաթերթն ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ունեցան միացեալ հարցազրոյց մը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Պչաքճեան նոր վերադարձած է Հալէպ կատարած իր այցելութենէն, հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ արծարծելու…















