
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուող յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած է. «Թոյլ տուէ՛ք, որ Թուրքիոյ մէջ թուրքը ըսէ, որ թուրք է, քիւրտը ըսէ` քիւրտ է: Ատոր մէջ ի՞նչ վատ բան կայ»: Ատոր մէջ որեւէ վատ բան չկայ, սակայն արդեօք հայը, յոյնը եւ հրեան ալ պէտք չէ՞ նոյն իրաւունքը ունենան, ի…















