
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պատասխանելով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հեռաձայնային հաղորդակցութեան, կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր լաւատեսութիւն կը տիրէ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ներկայիս կառավարութիւնը կազմելու ջանքերը դրական տեղքայլի մէջ են: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու ճիգերը տակաւին…















