
Քաղաքական այն տեսաբանութիւնը, որ Հայաստանի եւրոպական համարկման ճանապարհը կ՛ուզէ բացառապէս տեսնել ուղղակի արեւմտաեւրոպական քաղաքներ տանող, կը թուի, որ գործնականութեան բաղադրիչներ կը պարունակէ: Այս տեսութիւնը կը հիմնաւորուի, երբ նկատի ունենանք Հայաստանի եւ ֆրանսայի հանրապետութիւններու միջնախագահական հանդիպումին վերաբերող լրատուութիւններու յատկապէս Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան յատկացուած բաժինը: «Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկել են նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն փոխգործակցութեան…















