
Սոյն հարցազրոյցը ՀԱՍԿ-ի խմբագրութիւնը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Հարցում. Վեհափառ Տէր, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս յաճախ կը շեշտէք իրաւական երեսին կարեւորութիւնը. ինչո՞ւ: Պատասխան.- Հայ ժողովուրդի մարդկային թէ ազգային բռնաբարուած իրաւունքներու հարցը ըստ էութեան իրաւական հարց է: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն եւ արդարութեան…















