
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիքմեթ Չեթին յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին առջեւ զարգացման բազմաթիւ կարելիութիւններ պիտի բանայ»: Ան Պաքուի մէջ «Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անոր շուրջ աշխարհաքաղաքական իրադրութիւն ձեւաւորելու հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի դերը» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը…















