
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն եօթներորդ օրը յատկացուեցաւ պետական արտօնութեամբ յատուկ դրոշմաթուղթի հրապարակման եւ միութեան հիմնադրութեան, կազմաւորման եւ տարածման նուիրուած գիտաժողովին, որոնք տեղի ունեցան սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:30: 100-ամեակի Դրոշմաթուղթը 100-ամեակի դրոշմաթուղթի հրապարակման ներկայ գտնուեցան սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան փոխնախարար Արմէն Արզումանեան, «Հայփոստ»-ի գլխաւոր…















