
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարեկամներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտօնատարներ կոչ կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ըրլ Լիցընպըրկըրի նշանակումը վաւերացնելէ առաջ՝ յստակացնեն անոր դիրքորոշումները Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի առնչուող հարցերուն կապակցութեամբ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակած էր Լիցընպըրկըրը,…















