
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով՝ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան պարոն Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ յունահայ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչները ծանօթացման հանդիպում մը ունեցան Չորեքշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամը 8ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ։ Հ.Հ. դեսպանին հետ ծանօթացման այս հանդիպումին հրաւիրուած էին եւ ներկայ գտնուեցան, Յունահայոց Թեմի առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի գլխաւորութեամբ, ազգային…















