
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ եւ կոմիտէներուն կազմակերպութեամբ ու գործադրութեամբ շրջան առ շրջան, թաղ առ թաղ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակները յիշելու ձեռնարկներու շարքը այսօր իր լրումին կը հասնի կեդրոնական հաւաքով: Երիտասարդական-ուսանողական ջահերթի ելակէտը այս պարագային խորհրդանշական իմաստ ունի: Այդ ելակէտը կ՛ամփոփէ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ընթացքին մեր նահատակներուն յիշատակը, խորհուրդը, սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջը…















